2014-05-25 11:05:27

Ֆրանչիսկոս Պապը Բեթղեհէմի մէջ` բացօթեայ սուրբ պատարագ։


''Այսօր եւս շատ մը մանուկներ կ՛ողբան, որովհետեւ անօթի են, ցուրտէն կը տառապին, գուրգուրանքի պէտք ունին...''
Կիրակի 25 մայիս 2014։ Ֆրանչիսկոս Պապի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան երկրորդ օրը սկիզբ առաւ
Պաղեստինեան իշխանութիւններուն հետ հանդիպում, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ Բեթղեհէմի 'Սուրբ Ծննդեան տաճարի'' տարածքը եւ ճանապարհի ընթացքին կանք առաւ Պաղետինեան եւ Իսրայելեան հողամասը բաժնող պատնէշի դիմաց ու պահ մը լռելեան աղօթեց ու ապա, պապական իքնաշարժով շարունակեց ընթացքը մինչեւ 'Սուրբ Ծննդեան տաճարի'' տարածք ուր արժանացաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ջերմ ընդունելութեան։
Տեղական ժամով 11-ին, Նորին Սրբութիւնը նախագահեց Սուրբ եւ անմահ պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ անդրադարձաւ վայրին նշանակութեան մասին։ Բեթղեհէմ, Յիսուս Մանուկ, որ ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, աշխարհին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան նշանն է։ Այսօր եւս մանուկները նշան մըն են` նշան յոյսի, կեանքի եւ նշան հասկնալու ընտանիքի մը, ընկերութեան եւ աշխարհի առողջական իրավիճակը։'''Երբ մանուկ մը ընդունուած է իր մօր արգանդին մէջ, սիրուած եւ պահպանուած, ընտանիքը առողջ է, ընկերութիւնը կը բարգաւաճի եւ աշխարհը աւելի մարդկային է'', ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ակնարկեց Էֆֆէթա – Պօղոս Զ հաստատութեան գործունէութեան ի սպաս Պաղեստինցի խուլ եւ համր մանուկներուն, Աստուծոյ բարիութեան ճանաչելի նշան որակելով զայն։
Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց ժամանակակից աշխարհի մէջ, անմարդկային վիճակի մէջ ապրող շատ մը մանուկներուն, որ անտեսուած են ընկերութենէն ու կ՛ապրին մեկուսացած։ Մանուկներ որ շահագործուած են, ենթարկուած` ստրկութեան, բռնութիւններուն եւ մարմնավաճառութեան, գաղթական, փախստական ու շատ անգամ նաեւ նաւաբեկութեան զոհ։
Ամէն օր հազարաւոր քիլոկրամ դեղահատ ու սննդամթերք մսխող աշխարհի մը մէջ գոյութիւն ունին տակաւին մանուկներ որ անօթութենէ եւ հիւանդութենէն կը տառապին – ազդարարեց Սրբազան Պապը ու հարց տուաւ. ''Ո՞վ ենք մենք Մանուկ Յիսուսի դիմաց, այսօրուայ մանուկներուն դիմաց''։ Կը նմանինք Մարիամին եւ Յովսէփին,որ կ՛ընկալեն Յիսուսը ու խնամք կը տանին անոր, կամ կը նմանինք Հերովդէսի ու կը ջանանք սպաննել զայն ։ Կը նմանինք հովիւներուն որ կ՛երթան անոր երկրպագելու ու Անոր նուիրելու խոնարհ պարգեւներ կամ ալ անտարբեր ենք մանուկներուն պահանջներուն ու կը մտածենք միայն մեր անձնական շահերուն։
Այսօր եւս շատ մը մանուկներ կ՛ողբան որովհետեւ անօթի են, ցուրտէն կը տառապին, գուրգուրանքի պէտք ունին. Անոնց ճիչը մեզի համար մարտահրաւէր մըն է – յարեց Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց մաղթելով որ ''այս խղճի քննութենէն բխի կեանքի նոր պայման մը ուր յարաբերութիւնները ըլլան եղբայրութեան, ներումի, հաշտութեան, բաժնեկցութեան եւ սիրոյ յարաբերութիւն''։







All the contents on this site are copyrighted ©.